2017-03-05 12:09:00

Ֆրանչիսկոս Պապին 5 Մարտի Մարեմեան աղօթքը` Աղօթեցէք ինծի եւ համագործակիցներուն համար։


(Ռատիօ Վատիկան) Կիրակի 5 Մարտ 2017 կէսօրին Ֆրանչիսկոս Սրբազան Քահանայապետը իր գրասենեակի պատուհանէն արտասանեց Հրեշտակ Տեառն Մարեմեան աղօթքը Սուրբ Պետրոսի հրապարակի վրայ համախմբուած հազարաւոր ուխտաւորներու ներկայութեամբ։

Այս առթիւ Սրբազան Քահանայապետը ներկայացուց օրուան սուրբ գրային ընթերցումներու մասին խորհրդածութիւն մը, քաղուած Մատթէոսի աւետարանէն (Գլ 4, 1-11 համարները), ուր կը պատմուի Յիսուսի անապատին մէջ կատարած քառասնօրեայ ծոմապահութեան մասին ու անոր սատանայէն փորձութիւններու մասին։

Այս հատուածը, ըսաւ Սրբազան Քահանայապետը, մեզ կը դնէ Յիսուսի կեանքի յատուկ պահի դիմաց` Յորդանան գետին մէջ մկրտուելէ ետք ու ստանալէ ետք Աստուածային օծումը`''Ասիկա է իմ սիրելի Որդիս զոր ես հաճեցայ ընտրել'', Յիսուս նախ քան իր առաքելութիւնը սկսիլը, անապատ կը քաշուի ու կը մարտնչի սատանային դէմ որ Յիսուսը երեք փորձութիւններու կ՛ենթարկէ` Զինք հեռացնելու համար իր առաքելութենէն։ Առաջինը` Անոր կը խրատէ իր Աստուածային ուժը գործածել քարերը հացի վերածելու եւ ծոմը ընդհատելու, երկրորդը փորձի ենթարկել Աստուածային կարողութիւնը ինքզինք Տաճարի բարձր աշտարակէն վար նետելով եւ երրորդը` թագաւորել երկրի վրայ` պաշտելով սատանան։

''Յիսուս լի Սուրբ Հոգւոյն զօրութեամբ անապատէն դուրս կու գայ յաղթական'' ըսաւ Սրբազան Քահանայապետը ու նշեց թէ մենք եւս որպէս քրիստոնեաներ կանչուած ենք հետեւելու Յիսուսի հետքերուն ու հոգեւոր պայքար մղելու Չարին դէմ, Աստուծոյ Խօսքի զօրութեամբ։

''Այս ընելու համար հարկաւոր է խորացնել Սուրբ Գիրքի ընթերումը ու զայն իւրացնել որովհետեւ ան կը պարունակէ Աստուծոյ Խօսքը որ միշտ այժմէական է'' յարեց Սրբազան Քահանայապետը հրաւիրելով Սուրբ Գիրքը օգտագործել ինչպէս այսօր կ՛օգտագործենք բջիջային հեռաձայնները, ու այնպէս ընել որ Աստուած Խօսքը միշտ մօտիկ ըլլայ մեզի ու դրոշմուի մեր սրտերուն մէջ, որպէսզի կարենանք յաղթահարել չարին առօրեայ փորձութիւնները­, ու կարող ըլլանք ապրիլ կեանք մը ներշնչուած Սուրբ Հոգիէն, ընկալելով ու սիրելով մեր եղբայրները, յատկապէս անոնք որոնք աւելիով տկար ու կարիքաւոր են եւ նոյնիսկ մեր թշնամիները։

Նորին Սրբութիւնը խորհրդածութիւնը եզրափակեց հայցելով Սուրբ Կոյս Մարիամին հովանին քառասնորդացի այս ուղեւորութեան ընթացքին, որպէսզի, ըսաւ Ան, կարենանք իրագործել սրտի իսկական ապաշխարութիւն մը։

Մարեմեան աղօթքը արտասանելէ ետք Սրբազան Քահանայապետը ողջունեց հրապարակը համախմբուած հաւատացեալները ապա նշեց թէ մի քանի օրեր առաջ սկիզբ առաւ Քառասնորդացի ծոմապահութիւնը որ է` դէպի Սուրբ Զատկուայ տանող ընթացք, դարձի ուղեւորութիւն, չարին դէմ պայքար` աղօթքի ծոմապահութեան ու եղբայր օգնութեան ներգործութիւնով։

''Բոլորիդ կը մաղթեմ բարի քառասնորդաց, լի հարուստ պտուղներով, ու կը խնդրեմ որ ձեր աղօթքներուն մէջ յիշէք զիս եւ իմ համագործակիցներս որ այս երեկոյ պիտի սկսինք քառասնորդացի հոգեւոր կրթութիւնը'' ըսաւ Ֆրանչիսկոս Սրբազան Քահանայապետը հրաժեշտ առնելով ներկաներէն։ 








All the contents on this site are copyrighted ©.